2013-07-26 12:02:59

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Գոբագապանայի Տարածքի Վրայ` ''Քրիստոսը Ընտրէ Որպէս Կեանքիդ Կեդրոն, Անոր Վստահէ Եւ Երբեք Յուսախափ Պիտի Չի Մնաս''


''Երիտասարդները Թող Հետեւին Յիսուսի եւ Զգուշանան Իշխանութեան եւ Դրամի Ցնորքէն''

Հինգշաբթի 25 յուլիսի երեկոյեան (հռոմի ժամով 22,20-ին) ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գոբագապանայի ծովափի տարածքի վրայ մասնակցեցաւ ճմճ-ի ''պաշտօնական ընդունելութեան'' հանդիպումին երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրուայ մասնակից` մէկ միլիոնէ աւելի աշխարհի զանազան երկիրներէ եւ վայրերէ ժամանած երիտասարդներուն հետ։

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը հեռատեսիլի միջոցաւ կը հետեւի այս համահաւաքին ու կ՛աղօթէ ներկաներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա կրկնեց երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին 1987-ին երիտասարդներուն արտասանած խօսքը, ըսելով.''Մեծ յոյս դրած եմ ձեր վրայ: Կը յուսամ ամէնէն առաջ որ վերանորոգէք ձեր հաւատքը Յիսուս Քրիստոսին եւ անոր յարութեան Խաչին նկատմամ'':

Ան ապա երիտասարդներուն վստահեցուց թէ ''միայն Քրիստոսն է որ հաւատք, յոյս ու սէր կը պարգեւէ''։ Ասոր համար ձեզմէ կը խնդրեմ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որ Քրիստոսը ընտրէք որպէս կեանքի կեդրոն եւ պիտի գտնէք վստահելի բարեկամ մը։ Քրիստոսը ընտրէ եւ յոյսը պիտի աճի քու մէջդ որպէսզի կարենաս ապագայի ճանապարհով ընթանալ, Քրիստոսը ընտրէ եւ քու կեանքդ սիրով պիտի լեցուի եւ պիտի դառնայ պտղատու կեանք մը։''

Սրբազան Հայրը ապա շարունակեց`''այսօր եկած եմ ձեզ հաստատելու հաւատքին մէջ, կենդանի Քրիստոսի հաւատքին մէջ, որ ձեր մէջ կը բնակի։ Միեւենոյն ժամանակ եկած եմ ես ալ հաստատուելու ձեր հաւատքի խանդավառութեամբ։''
''Գոյքը, դրամը եւ իշխանութիւնը անցողական հրապոյրի պահ մըն են'' եւ վերջաւորութեան մեր վրայ կը գերիշխեն ու մեզ կը մղեն միշտ աւելին ունենալու։ ''Քրիստոսը ընտրէ որպէս կեանքիդ կեդրոն - հաստատեց ֆրանչիսկոս Պապը - Անոր վստահէ եւ երբեք յուսախափ պիտի չի մնաս''։ Ան ապա խօսքը ուղղելով բոլոր անոնց որ հեռատեսիլի, ռատիոյի կամ այլ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներով կը հետեւին Րիօ Տէ Ժանէյրօյի հաւաքին ըսաւ` ''Բարի եկած էք այս հաւատքի մեծ տօնախմբութեան։ Միացած մնանք, երջանկութեան, բարեկամութեան եւ հաւատքի մէջ։ Քրիստոս Փրկիչը Գորգովատոյի գագաթէն մեզ բոլորս կ՛ընդունի Րիոյի այս գեղեցիկ քաղաքաին մէջ։''

Դուն ալ սիրելի երիտասարդ, եզրափակեց Սրբազան Քահանայապետը, կրնաս ըլլալ Անոր սիրոյ ուրախ վկայ մը, Անոր աւետարանի քաջ վկան որպէսզի նշոյլ մը լոյս բերես մեր աշխարհին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.